Ատելութիւն

(Հմր 8) Ամաղէկ Եսաւի ցեղն էր, Եղիբազի սերունդէն (տե՛ս Ծն 36.12): Եսաւի որդիները Յակոբի օրերէն անդրանկութիւնը իրենցմէ առնուելուն ատելութիւնը ունէին եւ այդ պատճառով յարձակեցան: Անոնք չէին ուզեր իրենց սահմաններէն զիջել եւ տարածք կորսնցնել Իսրայէլի որդիներուն ինչպէս նաեւ չէին ուզեր, որ Յակոբի սերունդը իր հանգիստը գտնէր:

  • Ատելութիւնը պատճառ եղաւ, որ Ամաղէկ դէմ ելլէ ժողովուրդի մը, որուն Աստուածը զօրաւոր բազուկով իրենց հետ կ'երթար: Անոնք Աստուծոյ կամքին համաձայն Խոստացուած Երկիրը ժառանգելու կ’երթային, Տիրոջ ներկայութեան մէջ:

Պատերազմը Տիրոջ Յանձնեց

Հմր 9 - «Մովսէս ըսաւ Յեսուին. “Մեզի մարդիկ ընտրէ՛ ու Ամաղէկի դէմ պատերազմելու ելի՛ր. վաղը ես բլուրին գլուխը պիտի կայնիմ՝ Աստուծոյ գաւազանը ձեռքս ունենալով”»:

Այս համարը ցոյց կու տայ, թէ Մովսէս իր առջեւ ելլող դժուարութիւնը Տիրոջ յանձնեց:

  • Ան Յեսուէն խնդրեց, որ անմիջապէս պատերազմիկներ պատրաստէ, բայց ինք բլուրին գագաթը բարձրացաւ, որովհետեւ պատերազմը յաղթելու իր յոյսը Տէրն էր:
  • Ան Աստուծոյ գաւազանը (տե՛ս Ելք 4.20)՝ իշխանութիւնը եւ խօսքը, որ ժողովուրդին կեանքին մէջ Անոր նպատակներուն կը ծառայէր, բլուրին գագաթը ելլելով բարձրացուց: Ան ատիկա ըրաւ մինչեւ այդ օրը Տիրոջ իրենց հետ կատարածներուն ակնկալութիւնը ունենալով:

Պատերազմը Յաղթեց

(Հմր 10-12) Ասիկա Յեսուին առաջին պաշտօնական պատերազմն էր:

Վստահ, որ ան նկատեց, որ Մովսէսի ձեռքերուն վեր եղած ատեն մեծ զօրութիւն կը տիրէր պատերազմի դաշտին վրայ: Անշուշտ ան ամբողջ սրտով եւ իր փորձառութեան մէջ Աստուծոյ գործերը տեսած ըլլալու վստահութիւնով փափաքեցաւ, որ Մովսէսի ձեռքերը՝ գաւազանով միասին վեր մնային:

  • Յեսու հասկցաւ, որ Տիրոջ ներկայութեան մէջ գործելը կամ պատերազմիլը եւ յաղթելը կապ չունէին անձին զօրութեան հետ, հապա՝ Տիրոջ խօսքը եւ իշխանութիւնը բարձր պահելն էր, որ կու տար յաղթութիւնը:
  • Հմր 9-ին մէջ Մովսէս ըսաւ. «[...] Մեզի մարդիկ ընտրէ՛ ու [...] պատերազմելու ելի՛ր [...]»: Ընտրուած պատերազմիկները վստահաբար նկատեցին եւ զգացին, ինչպէս նաեւ իրենց սիրտին մէջ յօժարեցան այն իրականութեան, թէ իրենց ուժերը յաղթութիւն կը բերէին միայն երբ Աստուծոյ Խօսքը եւ իշխանութիւնը վեր բարձրացած կ'ըլլային:
    • Կեանքի դաշտին մէջ քու պատերազմներուդ յաղթութիւնը կ'որոշուի սիրտիդ մէջ Տիրոջ Խօսքը բարձր պահելովդ եւ զանիկա պատուելովդ:
    • Թէեւ յաղթութիւնը Տիրոջմով տրուած էր, բայց անոր կատարումը դաշտին մէջ Խօսքին բարձր պահուելովը եղաւ:

Խմբային Աշխատանք

(Հմր 13) Թէեւ Մովսէս յոգնած էր, բայց երբ անոր ձեռքերը վեր պահուեցան խմբային աշխատանքով, Յեսու սուրի բերնէ անցուց Ամաղէկը:

  • Յաղթութիւնը կատարեալ չէր եւ պիտի չըլլար, մինչեւ այն ատեն որ ձեռքերը քիչ մը վեր եւ քիչ մը վար կ'ըլլային:
  • Տէրը յաղթութիւնը հաստատեց դաշտին մէջ, որովհետեւ Խօսքը բարձր էր բլուրին վրայ:
  • Հոգեւոր կեանքի ընթացքին Տիրոջ խօսքը եւ գերագոյն իշխանութիւնը միշտ բարձր պահելը կատարեալ յաղթութիւն կը խոստանայ:

Տէրը Իմ Դրօշակս Է

  • Դրօշակը յաղթողին յաղթութեան որպէս նշան կը բարձրացնեն, յաղթութեան վայրին մէջ, բարձր տեղի մը վրայ:
  • Իրենց դրօշակը տեղի մը կամ շրջանի մը մէջ բարձրացնելու համար մարդիկ երբեմն նոյնիսկ իրենք զիրենք կը զոհեն:
  • Մովսէս կ'ըսէ՝ «Տէրը իմ դրօշակս է», այսինքն՝ «Տէրը իմ յաղթութիւնս է»: Տէրը մեր յաղթութիւնը ապահովողն ու բերողն է:
  • Մեր դրօշակը Տէր Յիսուս է՝ Իր յաղթութեամբ խաչին վրայ: Մեր պատերազմները Անոր խաչին վրայ կատարածովը շահուած են:
    • Մենք մեր պատերազմները յաղթելու համար չենք պատերազմիր. մենք Անոր խաչը բարձր պահելով Անոր տարած յաղթութիւնը կ'ապրինք:
    • Պատերազմները մեր ձեռքերով կը տանի Տէրը, բայց յաղթութիւնը Իր խօսքը եւ խաչը բարձրացնելով կը շնորհէ մեզի:

Ինչ գեղեցիկ կը հնչէ Եսայի մարգարէի մարգարէութիւնը (59.19). «Արեւմուտքէն՝ Տիրոջը անունէն, արեւելքը անոր փառքէն պիտի վախնան. երբ թշնամին գետի պէս գայ, Տիրոջ Հոգին անոր դէմ դրօշակ պիտի բարձրացնէ» (կամ «զանիկա պիտի հալածէ»):

Նախորդ Հրապարակում «Արդեօք Տէրը Մեր Մէ՞ջն է» (Ելք 17.1-7)
Յաջորդ Հրապարակում Վառի՛ր Լոյսի Պէս (Ելք 27.20-21)